2014-05-03 13:25:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 3 մայիսի գործունէութիւնը` ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' շարժումի անդամներուն հետ հանդիպում։


Շաբաթ 3 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, իր գրասենեակի մէջ ըդնունեց` ''Տնտեսութեան Խորհուրդի համակարգող եւ Միւնխէն ունտ Ֆրէյզինկի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ռէյնարտ Մարքսը որմէ ետք ընդունեց եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը` կարտինալ Մարք Ուելլէն։ Ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Սրի Լանքայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսները որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ժամը 12-ին, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' կաթողիկէ բանուորական շարժումի եօթը հազար անդամներուն, անոնց տարեկան ազգային լիանսիտ` 15-րդ ժողովի աւարտին, որ սկիզբ առած էր անցեալ 30 ապրիլին։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ողջունեց զանոնք ու ակնարկեց իրենց լիագումարի նիւթին` ''Յիսուս Քրիստոսի մէջ նոր անձինք. Ապրելու ուրախութեան համապատասխանատու''։ Այս նիւթը – ըսաւ Քահանայապետը - ներփակուած է զատկական ժամանակաշրջանին մէջ։ Ուրախութիւնը` աշակերտներու ուրախութիւնն է որ կը հանդիպին Յարուցեալ Քրիոստոսին։ Ներկայ ժամանակաշրջանի ընկերային եւ եկեղեցական շրջագիծէն ներս, ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' աշխարհական կազմը պէտք է վերանորոգէ միսիոնարական յանձնառումը, ու ծառայութիւն մատուցէ բոլորին, առաջնահերթութիւն տալով անոնց որ տկար ու հեռու են։
Սրբազան Հայրը ապա շեշտը դրաւ երեք բայերու վրայ ` մնալ, երթալ եւ ուրախանալ։
Ձեզ կը հրաւիրեմ մնալու Յիսուսի հետ եւ վայելելու Անոր ներկայութիւնը։ Քրիստոսի վկաներ ըլլալու համար հարկ է նախ եւ առաջ ըլլալ Անոր մօտիկ։ Երկրորդ բայը երթալն է – ըսաւ Քահանայապետը։ Ձեր երկիր ու ձեր քաղաքի ճանապարհներու վրայ հռչակեցէք զԱստուած որ է Հայր եւ որ զայն ճանչցաք Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, ասոր համար ձեր կեանքը բարեփոխուեցաւ։ Եղէք անձեր որ կեանքը կ՛երգեն ու կ՛երգեն հաւատքը, անձինք որ կարող են միշտ տեսնել Տիրոջ ներկայութիւնը, նոյնիսկ խաւարուած պահերու ընթացքին։ Ուրախ ըլլալու էք – ըսաւ Քահանայապետը - որովհետեւ Տէրը ձեզ կանչեց որպէս եկեղեցւոյ առաքելութեան համապատասխանատուներ։ Ուրախ ըլլալու էք որովհետեւ այս ուղեւորութեան ընթաքցին միայնակ չէք` Տէրը ձեզի կ՛ընկերանայ, ձեր եպիսկոպոսներն ու քահանաները ձեզի նեցուկ են ու ձեր ժողովրդապետական հասարակութիւնները ձեզի հետ կը կիսէ ճանապարհը։
Հայցենք Տիրոջմէ որ մեզմէ ամէն մէկուն պարգեւէ աչքեր որոնք երեւոյթներէն անդին կը տեսնեն, ականջներ որ կարող են ունկնդրել պոռթկումներ ու նոյնիսկ լռութիւնը, ձեռքեր որ կարող են նեցուկ ըլլալ ուրիշին, ու հայցենք մանաւանդ` մեծ եւ ողորմած սիրտ մը ունենալ որ բոլորին բարիքը եւ բոլորին փրկութիւնը կը ցանկայ։ Տիրամայրը առաջնորդէ ձեզ - ըսաւ Քահանայապետը - ու անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.